29.09.2024 | 20:03

09.09.2024 | 12:51

26.06.2024 | 10:01
«Մենք պատրաստ ենք հրդեհը մարելուն». Մալաթիայի տոնավաճառում օբյեկտային վարժանք է ...31.05.2024 | 12:54

31.05.2024 | 12:10

31.05.2024 | 11:10

29.05.2024 | 15:42

29.05.2024 | 12:10

29.05.2024 | 11:17

28.05.2024 | 13:20

28.05.2024 | 13:02

28.05.2024 | 11:17

28.05.2024 | 11:11

28.05.2024 | 10:37

24.05.2024 | 15:10

24.05.2024 | 13:10

24.05.2024 | 12:17

24.05.2024 | 11:29

23.05.2024 | 15:10

23.05.2024 | 14:10

23.05.2024 | 13:10

23.05.2024 | 12:10

23.05.2024 | 11:10

22.05.2024 | 15:10

22.05.2024 | 14:10

22.05.2024 | 13:10

22.05.2024 | 12:10

22.05.2024 | 11:10

21.05.2024 | 15:10

21.05.2024 | 14:10

21.05.2024 | 13:10

21.05.2024 | 12:10

21.05.2024 | 11:10

20.05.2024 | 15:10

20.05.2024 | 14:10

20.05.2024 | 13:10

20.05.2024 | 12:10

20.05.2024 | 11:00

Պահեր կան, երբ առանձնութիւնը խոկումի տրամադրութիւն կը ստեղծէ ներաշխարհիդ մէջ….մարդ-բնութիւն-տիեզերք խորունկ ներդաշնակութեան ապրումներով կը լիանաս….Բայց մարդ էակը էապէս ընկերային էակ է, ինչպէս պիտի ըսէր հելլէն փիլիսոփան՝ Արիստոտէլը, աւելցնելով որ՝ մարդկային ընկերութենէն դուրս, ան կա՛մ աստուած է, կա՛մ ալ անասուն….Այո՛, մարդուն կեանքը կ’իմաստաւորուի հանրութեան մէջ՝ ընտանիք, համայնք, ազգ ու երկիր…այլապէս ի՞նչ իմաստ պիտի ունենային՝ ՍԷՐ, ԲԱՐԻՔ, ԱԶՆՒՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԻՈՒԹԻՒՆ եւ նման բարոյական հասկացութիւնները….: Բայցեւայնպէս, առանձնութեան մէջ է որ մարդ կրնայ խորհրդածել, երեւոյթներու խորը թափանցամտիլ եւ …նոյնիսկ ստեղծագործել կամ արարել….: Բայց ԱՐԱՐԵԼԸ կամ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼԸ արդէն ԱՐԱՐԻՉԻ յատկանիշ է գերազանցօրէն….եւ նման պահերուն ՄԱՐԴԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԱՐԱՐԻՉ….համեստագոյն չափերով….
Երան Գույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Երբ հայ մը հայուն չի հասկնար, աժան կերպով կը վիրաւորէ զայն, չի կրնար հանդուրժել իրենինէն տարբեր կարծիք թէ տեսակէտ….երբ հայը հայուն չի յարգեր, ինչպէ՞ս կրնանք ակնկալել որ օտարը մեզ յարգէ կամ հասկնայ….
***
ՀԱՅ ՋՈՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ունի՞ տակաւին ՀԱՅ ՈԳԻ, ՀԱՅ ՍԻՐՏ, ՀԱՅ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ….Թէ՞՝ դարձեր է այնքան ԱԹՈՌԱՄՈԼ, որ կը շփոթէ աթոռին բուն նպատակը՝ աթոռին տուած սին «փառքին» հետ….
***
Ինչպէ՞ս կ’արտօնենք որ օտարը «խելք» տայ մեզի, նոյնիսկ՝ իր կամքը թելադրէ հայ կեանքի հետ կապուած հարցերուն….Հայաստանէն ներս, թէ Սփիւռքի տարածքին: Ի՞նչ կոչենք այս տխուր երեւոյթը. ՕՏԱՐԱՄՈԼՈՒԹԻ՞ՒՆ, թէ՞ ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆ…Արդեօ՞ք մենք մեզ կառավարելու ընդունակ չենք, թէ՞ վաճառելի ապրանք ենք, որուն գինը օտարը պիտի սահմանէ….
***
Այնքան կը սիրենք մեր պարտականութիւնները ուրիշին վրայ բարդել, որպէզի պատասխանատուութիւն չստանձնենք անոնց համար….յետոյ ալ՝ դիւրութեամբ եւ ամենայն հանգստութեամբ կարենանք ուրիշը մեղադրել….Սա հասուն մարդու վարքագիծ չէ, այլ վախկոտ եւ տհաս մարդու վարք է…..Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՀԱՍՈՒՆՆԱՆՔ….
Երան Գույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Ամէն պահ, բարին մտածելով՝ կը յաղթենք չարին, բարին արարելով՝ մթնոլորտ կը ստեղծենք, բարին գործելով՝ լոյս կը տարածենք….Պիտի թողո՞ւնք որ չարը տիրապետէ մեր կեանքին, մեր էութեան, թէ՞՝ պիտի յաղթահարենք անոր սփռած ապականութիւնը, մեր բարի մտածումներով ու արարքնրով….Կեանքը, ընդհանրապէս, Բարիին պայքարն է Չարին ընդդէմ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրէն է կախեալ անոր յաղթանակը….
***
Մենք մեր կարելիութիւնները պէտք է կարենանք լաւագոյնս արժեւորել….Ազգ մը կը յառաջդիմէ գերազանցօրէն, եթէ կարենայ ճակատագրական պահերուն ճիշդ վերակազմակերպուիլ, հաւաքագրելով իր ուժերը նպատակասլաց եւ արդիւնաւէտ կերպով: Այսօր, երբ սուրիահայ մայր գաղութը դժուար ու դաժան օրեր կ’անցընէ, կոչ կ’ընենք ՍՐՏԱԳԻՆ Բարեգործականի ղեկավարութեան, որ վերաբանայ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ դռները ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ պատանիներուն առջեւ….որպէսզի անոնք ապահով պայմաններու տակ՝ հայեցի կրթութիւն ստանան, ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ հայաշունչ, հայաբոյր մթնոլորտին մէջ: Մենք բոլորս ձեռք-ձեռքի տալով՝ ԿՐՆԱՆՔ ՎԵՐԱԲԱՆԱԼ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԸ….Ես պատրաստ եմ իմ ուժերս ներդնելու ի խնդիր ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ հայեցի կրթութեան վերակենսաւորման յոյժ կարեւոր, կենսական ու ապագայակերտ գործին: Բարեգործականը եւ մենք միասնաբար ԱԶԳԱՅԻՆ-ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ունինք այս քայլը առնելու….ԲԱՆԱՆՔ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Երան Գույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Ցաւեր կան՝ լուռ, այրող, որոնց մասին չես ալ ուզեր խօսիլ, բայց սիրտդ կը խռովեն անոնք, լուռ կը տառապիս, կը մորմոքիս….մենութեանդ մէջ կ’արտասուես, իսկ մարդիկ՝ տեսնելով ժպիտդ, երբեք չեն կրնար թափանցել հոգւոյդ խորը, չեն կրնար զգալ սրտիդ ճենճերումը…..Մարդ էակը միշտ ալ առանձին է իր բուն տառապանքին մէջ, որ կեանքի խորախորհուրդ էութիւնն իսկ է….զոր կը փորձենք յաղթահարել գեղեցիկ պատրանքներով….
—
Վճռական եւ ճակատագրական պահեր կան, երբ յստակ ու մերկ կ’երեւին ա՛յն բոլոր ճշմարիտ արժէքներն ու գաղափարները, որոնց համար պիտի արժէր նոյնիսկ մեռնիլ, եթէ հարկը պահանջէր….Նման պահերուն, սուտ ու կեղծ հրապոյրները դիմակաթափ կ’ըլլան զարմանալիօրէն….Կեանքի բուն իմաստն ու խորհուրդը կը դառնան թափանցիկ, հայելիի նման կը ցոլան իրենց վճիտ մաքրութեամբ….Աչքերը կը բացուին տեսնելու ճշմարիտը, մերժելու սուտը՝ իր բոլոր կերպերով….Նման պահերուն, մարդկային-ազգային իտէալները յատկապէս լոյսի նման կը փայլին եւ կ’ուղղորդեն անհատն ու ազգը….
Երան Գույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Կեանքը մեծագոյն դպրոցն է, ուր ամէն օր, ամէն ժամ սորվելիք ունինք….Դպրոց՝ որուն փոխանցած դասերուն համար, շատ բարձր գին կը վճարենք յաճախ, բայց այդ դասերը կը դրոշմուին մեր գիտակցութեան մէջ եւ չեն մոռցուիր, նայած մանաւանդ թէ որքան ենք «վճարած» անոնց համար…: Մեր լսած ու կարդացած խրատները օդին մէջ կը մնան, վերացական կը հնչեն, մինչեւ որ սեփական փորձառութեամբ չհաստատենք անոնց ճշմարտացիութիւնը: Իսկ սեփական փորձառութիւնը յաճախ իր բարձր գինը ունի, զոր պիտի վճարենք, խրատը իւրացնելու համար: Սա կը վերաբերի մեր անձնական, թէ համայնքային ու հաւաքական կեանքին: Եւ վա՛յ այն անհատին կամ համայնքին, որ չի խրատուիր իր սխալներէն, հակառակ անոնց համար վճարուած «մեծ գումարներուն»….
***
Կարեւոր դաս մը առած ըլլալու ենք մեր դժուար ու դաժան պատմութենէն….Երբեք թոյլ չտալ որ ՕՏԱՐԸ, ո՛վ ալ ըլլայ ան եւ ի՛նչ գոյնի, խառնուի մեր երկրի, ազգի ներքին կեանքին….քանզի ան՝ Օտարը, պիտի խառնուի միայն ու միայն ելլելով իր սեփական Շահերէն, եւ լոկ ձեւացնելով որ մեր շահերը նկատի ունի….ՄԵՐ ՇԱՀԵՐԸ ՄԵՆՔ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿՐՆԱՆՔ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼ, առանց արտաքին ոյժերու միջամտութեան….
Երան Կույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Պահեր կան, երբ այնքա՛ն ներդաշնակ ես շրջապատիդ հետ, հոգիդ կարծես կը լեցուի դրական լիցքերով՝ չես գիտեր ուրկէ….Նման պահերուն, ամէն ինչ իրագործելի կը թուի, ամէն ինչ հասանելի, խնդիրները՝ լուծելի, դուն քեզ կը զգաս անպարտելի, հոգիդ կը շատնայ «կռուի գացող բանակի մը պէս»….Պահեր ալ կան, երբ հոգեկան մենակութիւնը կը խեղդէ քեզ, չէ,՛ չես յուսալքուիր, բայց ներքին ոյժերդ կարծես կը դաւաճանեն քեզի…. Անցողիկ պահ՝ բարեբախտաբար, քանզի հոգեկան կեդրոնացումդ կը շեղէ ուշադրութիւնդ դէպի դրականն ու լաւը, բարին ու գեղեցիկը….որոնք ամէն պարագային ալ այնքան շա՛տ են մարդ էակի կեանքին մէջ….Կը բաւէ որ կարենանք տեսնել զանոնք….
Երան Գույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Մարդ էակը թերեւս ամէնէն մեծ առեղծուածն է…. անչա՛փ դժուար է մինչեւ վերջ հասկնալ, մինչեւ վերջ ըմբռնել զայն, մինչեւ վերջ վերծանել իր ըրածն ու չըրածը, իր ըսածն ու չըսածը….Խորախորհուրդ այնպիսի ծալքեր ու շերտեր կան անոր հոգւոյն խորը, որոնց մէջ թափանցելը եւ զայն ամբողջութեամբ յայտնաբերելը պիտի նմանէր ովկիանոսի խորքերը պեղելուն եւ անոր ընդերքը լրիւ բացայայտելուն…: Առեղծուածային ըլլալը չէ՞, սակայն, որ այնքա՛ն հետաքրքրական կ’ընծայէ զայն….
***
Անկեղծ ու ճշմարիտ խօսքը կը դպչի սրտիդ, կ’առինքնէ անմիջապէս, կը ներշնչէ, կը վեհացնէ, կը լուսաւորէ….մինչ կեղծ ու խաբեպատիր խօսքը, որքան ալ թուի հաճելի, զուարթացնող թէ շոյող…. կը խրտչեցնէ քեզ, այնպէս ինչպէս կեղծ ոսկիի փայլը, որուն տակ թաքնուած է թիթեղն ու ոչ-ազնիւ մետաղը….
Երան Գույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Երբ Հայոց Պատմութեան էջերը կը կարդաս, ողջ էութեամբ կը սարսռաս՝ Արտագաղթի տխուր երեւոյթին դէմ յանդիման, որ շարունակ կրկնուեր է տարբեր ժամանակներուն, տարբեր պատճառաբանութիւններով….Կը մտաբերեմ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ խորիմաստ պատգամը ուղղուած իր թոռնիկին. «Քեզ հողին հետ պիտի պսակեմ…»….Հայը ընդհանրապէս չէ կրցած իր հողին հետ պսակուիլ, իր հողին հետ միաձուլուիլ, նոյնանալ, եւ իր բախտը՝ շատ անգամ, մինչեւ հիմա, որոներ է եւ դեռ կ’որոնէ օտար երկինքներու տակ….ՕՏԱՐ ՀՈՂԸ ԵՐԲԵՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՉԻ ԴԱՌՆԱՐ, նոյնիսկ եթէ դրախտանման կեանք կարելի ըլլայ կերտել այդտեղ….
***
Քաւութեան նոխազ փնտռելը շատ է տարածուած հայ կեանքին մէջ: Ամէն անգամ որ ձախողութեան մը դէմ յանդիման գանք, անոր պատճառը հազուադէպ է որ փնտռենք մեր գործած ի՛նչ-ի՛նչ սխալներուն կամ թերացումներուն մէջ….Պատճառը շուտով կը գտնենք այսինչին կամ այնինչին մէջ, անոր թոյլ տուած մէկ ոչ-ճիշդ արարքին կամ վարքագիծին մէջ….եւ կը սկսի շարքը մեղադրականներու կամ ամբաստանութեանց…: Ուրիշը քաւութեան նոխազ դարձնելը՝ սեփական պատասխանատուութենէ խուսափիլ կը նշանակէ էապէս, ինչ որ միայն ինքնախաբէութեան կրնայ առաջնորդել մեզ…
Երան Գույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Մինչ մեզմէ շատեր զբաղեր էին մանր-մունր խնդիրներով, ԵՍ-ի թէ խմբակային սին նկատառումներով, բարձր կանգնեցաւ ՀԵՐՈՍԸ բոլոր առօրեայ մանրուքներէն եւ հնհնուքներէն, եւ իր ամէնէն թանկը՝ կեանքը, զոհաբերեց Հայրենիքի բագինին, փրկելու համար սրբազան Մայր Հողը, բարձր պահելով ազգային մեր արժանապատուութիւնը, նոր ՈԳԻ ներշնչելով բոլորին….Այսպիսին են ճշմարիտ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ, որոնք վեր են ամէն տեսակի սակարկութիւններէ, բանսարկութիւններէ, ցուցադրական կեցուածքներէ….Ճակատը՝ վեր, դէպի Հայոց Պատմութեան Երթը….Անոնք կը մնան միշտ մեզի հետ, մանաւանդ՝ մեր դժուարին պահերուն….ազգային-հայրենասիր
***
Հերոսները կու գան ճիշդ ժամանակին եւ իրենց անձնազոհութեան վսեմ արարքով կը յուշեն մեզի, որ ազգը տակաւին մեռած չէ, որ հայու ոգին դեռ արթուն է, որ հայրենասիրութիւնը դեռ սխրանքներ գործելու ատակ է….Նորօրեայ հերոս ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ այդ պատգամը կու տայ մեզի, ան իր «մահեամբ զմահ կոխեաց» եւ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ որ «ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է»….Խորին խոնարհում իր յիշատակին:
Երան Կույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
Սպառողական քաղաքակրթութիւնը ամէն ինչ վերածեց առ-եւ-տուր-ի…կարծէք ամէն բան փոխանակելի է, կարծէք ամէն բան իր գինը ունի եւ ծախու է: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է փոխանակել Հայրենիքը, ինչպէ՞ս կարելի է ծախու հանել Սէրը, Վեհանձնութիւնը, Բարութիւնը, արդեօ՞ք գին ունին Գեղեցկութիւնը, Ճշմարտութիւնը….: Բարձրագոյն եւ բացարձակ արժէքներ կան, որոնք անսակարկելի են, անփոխանակելի …., որոնք չեն կրնար առեւտուրի առարկայ դառնալ, ոչ ալ օգտապաշտ մօտեցումով պիտի վերաբերիլ անոնց հետ: Հոգեւոր-բարոյական արժէքները չեն կրնար շուկայական դառնալ եւ շուկայիկ հաշիւներու զոհ երթալ…..Կեանքին բուն արժէք տուողը նման հոգեւոր արժէքներն են գերազանցօրէն, որոնք ներկայի շուկայիկ մտածելակերպին զոհ կ’երթան տակաւ…..
***
Կեանքի մէջ որեւէ ցնցում՝ հոգեկան թէ այլ բնոյթի, կը պարտաւորեցնէ մարդը նորովի մտածելու սովորական դարձած երեւոյթներուն մասին, հնարամտութիւն ի գործ դնելու, զօրաշարժի ենթարկելու իր հոգեմտաւոր ոյժերը, կամքի տոկունութիւնը….նոր փորձառութիւն ձեռքբերելու, ինչպէս նաեւ՝ նոր աշխարհաճանաչողութիւն եւ ինքնաճանաչողութիւն….եւ վերջապէս վերանորոգուելու, պայմանաւ որ անցաւոր ըլլան այդ ցնցումները….Կեանքի սովորական ընթացքը, առանց վերիվայրումներու, կը դառնայ ի վերջոյ տաղտկալի, եւ լճացման կ’առաջնորդէ միտքն ու հոգին….Կեանքը էապէս փոփոխութիւն է, յարաշարժ ընթացք՝ լի վերելքներով եւ խորխորատներով….
Երան Կույումջյանի ֆեյսբուքյան էջից
- Տեսանյութ
- Օրվա միտք
- Խմբագրի վարկած
- Ֆոտո
-
Հասցե` Հայաստան, 0023, Երևան, Արշակունյաց 2
Հեռ: +374 (10) 06 06 23 (413, 414), +374 (99) 53 58 26
Էլ. փոստ` armv12@mail.ru -
2010-2011 © Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Մեջբերումներ անելիս հղումը armversion.com-ին
պարտադիր է: Կայքի հոդվածների մասնակի կամ
ամբողջական հեռուստառադիոընթերցումն
առանց armversion.com-ին հղման արգելվում է: -
Կայքում արտահայտված կարծիքների համընկնումը
խմբագրության տեսակետի հետ պարտադիր չէ:
Գովազդների բովանդակության համար
կայքը պատասխանատվություն չի կրում:
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են: Copyright “Armversion.com” 2010.