Դեկտեմբերի 5-ին իր մտորումները նամակի տեսքով ներկայացրել է նաև Երուսաղեմի միաբան, Պարետ ծայրագույն վարդապետ Երէցեանը:
Նշենք, որ նա այն միաբանն է, որի եպիսկոպոսական ձեռնադրման մերժումը Գարեգին Բ Կաթողիկոսի կողմից, առիթներից մեկը հանդիսացավ Երուսաղեմի Նուրհան Պատրիարքի հրապարակած հայտնի բաց նամակի:
“Խնդիր մը փակուած պահելը` զայն լուծած ըլլալ չի նշանակեր”:
Ինչո՞ւ Արտասահմանը նիւթապէս չ’օժանդակեր Երուսաղէմին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան, մասնաւորաբար` վերջին 30 տարիներուն: Պատասխանը` “mistrust” բառն է, անվստահութիւն ըստ ոմանց, հանդէպ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան եւ Սրբատեղեաց: Ըսուածը որոշ մտայնութեան մը ոգիին արտայայտութիւնն է շաղախուած իրենց իսկ բառով “անվստահութիւն”: Որպէս բառ “անվստահութիւնը” զզուելի է եւ կը պատկանի հոգեբանութեան մը, որ նոյնքան զզուելի է: “mistrust”-ը անվստահութիւնը, չեմ գիտեր որուն կը պատկանի անոր մենաշնորհը, բայց մէկ բան գիտեմ, թէ այդ բառին ետեւ կեցող զգացումին սլաքը ուղղուած է դէպի Երուսաղէմ:
Վիրաւորուած եմ երեւոյթէն որովհետեւ տխուր եւ անլուրջ պատկեր մը կը ներկայացնէ, անհասկանալի տրամաբանութեամբ: Յաճախ մենք կը պզտիկնանք մեր իսկ աչքին:
Անվիճելի իրողութիւն մըն է, որ Երուսաղէմ կը վայելէ միջազգային կարեւորութիւն, եւ որպէս Պատրիարքական Աթոռ կը պատկանի Նուիրապետական ամենէն բարձր աստիճանի եւ հեղինակութեան իր առաքելահիմն հանգամանքով, վայելելով սէրն ու յարգանքը բոլոր Հայ սրտերուն, բազմադարեան իր առաքելութեամբ:
Ուրեմն ի՞նչն է դրդապատճառը այդ մտայնութեան եւ անոր խաթարման տեղի տուող պատճառներուն:
Արդեօ՞ք Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի մերժումը Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի որոշման եւ անոր անբացայայտութեան:
Ի դէպ, զարմանքով կ’իմանանք գրութենէ մը asekose.am կայքէն, ստորագրուած չորս փրոֆէսորներու կողմէ որոնք կը յաւակնին մերժումին պատճառներուն տեղեակ ըլլալը, թէեւ մեր Պատրիարքը, Միաբանութիւնը եւ նոյն ինքն անձը որ գրաւոր խնդրած է իմանալ բոլորովին անտեսուած են: Մեկնութիւնը ձեզի կը թողունք:
Հոս յայտնի է մեր յարգելի փրոֆէսորներու հասկացողութիւնը “Հայոց դարաւոր Նուիրապետական Կանոնական հիմքին” եւ իրենց ըմբռնումը արդարութեան բառին եւ անոր իմաստին: Ես կը խորհիմ յարգելի փրոֆէսորներ որ Դուք Ձեր մտաւորական աշխատանքը շարունակէք եւ հեռու մնաք Ձեր իսկ խօսքով “ասէկոսէներից” եւ վերադառնալ Ձեր “ամենօրեայ բան ու գործին”: Յիշեցնեմ Ձեզ որ Ձեր ակնարկած անձը այն հոգեւորականն է որ առաջիններէն հանդիսացաւ օգատակար ըլլալու Ակադեմիային, Համալսարանին, Օպերային, Ֆիլարմոնեային եւ Գրողներու Միութեան ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի եւ պատերազմէն հաշմանդամներու եւ անոնց ընտանիքներուն բազմահարիւրհազար տոլարներու հասնող գումարներով իր պատկանած եւ հովւութիւն ըրած համայնքներէն: Հոս զանց կ’առնենք Էջմիածնի եւ անոր տակ գտնուող կարգ մը կազմակերպութիւններ: Եւս առաւել, յարգելի փրոֆեսորներ, նոյն եկեղեցականը միշտ վայելած է Ամենայն Հայոց Հայրապետին այսպէս կոչուած “բարեկամութեան”:
Ս. Էջմիածինը իր համահայկական նկարագրով կը վայելէ համակրանքը բոլորիս: Եւ անոր գահակալը` մեր բոլորին յարգանքին: Այս է շահը որ մեզմէ կը պահանջուի: Թող ամէն մարդ վստահ ըլլայ որ Երուսաղէմի մէջ գոյութիւն չունի հակաճակատ` հանդէպ Ս. Էջմիածնի:
Վերջին դարուս Երուսաղէմն է որ իր եղբայրական օգնութեան ձեռքը երկարած է Ս. Էջմիածնին նաեւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին, մղուած Եկեղեցւոյ ընդհանուր շահերէն: Այսօր կարգախօսը փոխուած է, եւ “տագնապի գրականութիւն” մըն է որ մէջտեղ ելած է գրաւոր եւ անգիր: Նոյն ինքն “mistrust” անվստահութիւն բառին ոգիէն, եւ անոր հեղինակներէն: Բառը արուեստակեալ յերիւրանք մըն է, ծառայեցնելու նախընտրական կողմի շահերուն, եւ ստեղծելու հոգեբանական ճնշման քաղաքականութիւն մը, իրականացնելու իրենց թաքուն հաշիւներն ու ծրագիրները: Հոս ներեցէ՛ք ինծի եւ Ձեզի խնայելու անուններ` աշխարհական եւ եկեղեցական անձնաւորութեանց: Իրենց ծրագիրը նիւթական զրկանքի տակ պահել է Երուսաղէմը, զինք խեղճացնել, եւ շահ ու վնասի “զարը” նետել անոր ապագային:
Երուսաղէմ Առաքելական Աթոռ է եւ իր հետը պէտք չէ վարուիլ որպէս հասարակ թեմ մը: Պէտք է յստակ ըլլայ որ Երուսաղէմը Էջմիածնի ենթակայ “թեմ” մը չէ: Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռը ունի իր սահմանադրական վարչաձեւը եւ Միաբանական կանոնադրութիւնը եւ անոր միջոցաւ կը վարէ իր ընտրական եւ վարչական գործերը եւ հոգեւոր առաքելութիւնը:
Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռը անբաժան մասն է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ անոր միասնականութեան: Անոր գահակալը ընտրուած է Միաբանութեանս կողմէ եւ հաստատուած է Թագաւորի, Նախագահի եւ Վարչապետական ֆերմաններով, ինչ որ անցեալին` սուլթաններու: Երուսաղէմ ճիշտ է որ ի հոգեւորս ենթակայ է Ս. Էջմիածնի, բայց իր պարտականութիւնը գործնականապէս շատ աւելիով կատարած է, ճակատագրական պահերուն նոյնիսկ, պահելով անոր հոգեւոր եւ աշխարհագրական առաքելութիւնը Սփիւռքի մէջ:
Այսօր Երուսաղէմը կը վայելէ Մայր Աթոռին եւ անոր շուքին տակ հակադրած զգացումներ եւ վերապահումներ: Եւ անոր ցայտուն փաստը ամբողջական անտեսում` Միաբանական Ընդհանուր Ժողովներու որոշմանց եւ Պատրիարքի խնդրանքին:
Երուսաղէմի Կանոնադրութիւնը հաստատուած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ընդհանուր շահերէն եւ անոր միասնականութեան ոգիէն: Առանց մենատիրական ըլլալու յաւակնութեանց եւ հակադրութեանց, միայն Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջականութեան տեսակէտէ դիտուած, որովհետեւ անոր անբաժան մասն է:
Նուիրապետական այս երկու Աթոռներուն` Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի միջեւ սրբազան հասկացողութիւնը եւ աւանդութիւնը ենթակայ չի կրնար ըլլալ կամայակա-նութեանց եւ քմահաճոյքներու: Կան սկզբունքներ որոնք պէտք է յարգուին, ինչպէս մեր նախնիք ըմբռնած են, ինչպէս պարտականութեանց բաժանում, մէկուն վերապահելով ընտրութեան իրաւունքը, այս պարագային եպիսկոպոսութեան, իսկ միւսին` պատիւը օծման: Որ ըստ ինքեան ամենագեղեցիկ աւանդութիւնն է Եկեղեցւոյ միասնակա-նութեան ոգիին եւ վստահութեան` դարերով սրբագործուած: Սակայն անոր մերժումը, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կողմէ` դրժումն է անոր միասնականութեան եւ գոր-ծակցութեան ոգիին, եւ որուն նկատմամբ` ընդվզումը Երուսաղէմի Պատրիարքին` արդարացի: Նման հարցով անցեալին երկու հայրապետներ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս եւ Եղիշէ Պատրիարք հինգ տարիներ չխօսեցան իրարու հետ: Վերջաւորութեան Վազգէն Կաթողիկոս անդրադառնալով`սրբագրեց իր սխալը:
Երկրորդ` ճիշտ է որ Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովին մէջ յԷջմիածին, բացէիբաց չէ յիշուած որ Էջմիածինը կը փորձէ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը թեմի վերածել: Բայց երբէք չ’ուրանար անոր նախագիծ-ծրագրին ուղենիշներու մէջ նոյնացումը Նուիրապետական Աթոռներուն եւ թեմերուն միջեւ: Հոս է հարցին գործնական միջամտութիւնը եւ խնդրոյն կեդրոնական հանգոյցը, (Implication) որուն Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը առարկեց: Եւ դուք այժմ կը փորձէք այդ առարկութիւնը իր Context-էն դուրս հանել: Համաձայն նախագիծ-ծրագրի ուղենիշներուն այս հարցը իրաւակարգի փոփոխութիւն է: Կարդացէ՛ք ԵՆԺ-ի ուղենիշները եւ հոն պիտի տեսնէք մեր առարկութեանց տեղի տուող փաստերը:
Երուսաղէմը միշտ ցուցաբերած է անվերապահ սէր եւ յարգանք Մայր Աթոռին հանդէպ եւ անոր գահակալներուն: Սակայն` փոխադարձը խախտուած է այժմ, անհասկնալի պատճառներով: Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը եւ Հայոց Հայրապետը կը խորհիմ ինքզինքնին պէտք չէ դնեն հակասութեան մէջ: Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը չունեցաւ ճկունութիւնը ըմբռնելու իր պատասխանատուութիւնը եւ զոհ գնաց պատմութեան իր անհասկացուղութեան եւ եկեղեցւոյ կանոններուն անգիտութեան: Ինչու կ’ըսեմ այս, որովհետեւ հոս ընդհանուր միութեան գաղափարն է որ խախտեցաւ եւ ոչ թէ վարչական ինքնիշխանութիւնը: Հայրապետական իմաստութենէն կ’ակընկալուէր Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռին շահը պաշտպանել քան թէ “կողմ” բռնել: Պաշտպանել Երուսաղէմը զօրակցիլն է Էջմիածնի եւ փոխադարձաբար:
Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռը կը հաւատայ իր Առաքելական կոչումին եւ իր նուիրական պարտականութեանց Ս. Տեղեաց պաշտպանութեան, մեր կալուածքներու մնայուն գոյութեան եւ մշակութային ժառանգութեան:
Պէտք է դադրեցնել հոգեբանական ճնշումներու ռազմավարութիւնը: Սփիւռքը այսօր որեւէ ձեւով վստահութիւն չունի Հայաստանի եւ անկէ ներս գործող կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց վրայ, հակառակ իրենց բարի տրամադրութեանց եւ հայրենասիրութեանց: Այս բոլորով հանդերձ անոնց նկատմամբ “անվստահութիւնը” կը վերցուի եւ մեր “խեղճ” վանքին գլխուն վրայ որպէս դրօշակ կը ծածանուի: Երկու չափ եւ երկու կշիռ: Դժբախտաբար, չափի եւ կշիռի մտածումը դադրած է պայծառ նշանաբան մը ըլլալէ: Օգնել հայրենիքին, օգնել Ս. Էջմիածնին հիանալի առաքինութիւններ են, իսկ գիտակցաբար մոռացումը Ս. Տեղեաց եւ զանոնք պահող Զինուորեալ Միաբանութեան` ազգային դաւաճանութիւն:
Վերջին 30 տարիներուն փորձը` խեղդելու Երուսաղէմը, եւ վերջին 10 ամեակին խեղդամահ ընելու զինք նիւթապէս, հանդիպեցաւ ձախորդութեան:
Սիրելիներ. ո՞ր սիրոյ մասին է Ձեր խօսքը, ինչո՞ւ կը փորձէք նենգափոխել իրականութիւնը: Ձեր ուխտը խոստում մըն է, որ Դուք Ձեր ետին կը թողուք շռայլօրէն բաշխելու միամիտ հաւատացեալներուն: Ձեզ կը վստահեցնեմ թէ չէք յաջողիր, վասնզի մեր սուրբը Ձեր սուրբէն աւելի զորաւոր է:
Վերջապէս Երուսաղէմ սիրողը Աստուած կը սիրէ, եւ զայն ատողն ալ զԱստուած կ’ատէ: Եթէ հրեշտակները Երուսաղէմին համար ողորմութիւն կը խնդրեն Աստուծոյ ըսելով. “Մինչեւ յե՞րբ ոչ ողորմեսցիս Երուսաղէմի”, ո՞վ է որ պիտի հակառակի Երուսաղէմին: Ս. Տեղեաց գերազանց օգտակարութիւնը կանխագուշակելով մարգարէն կ’ըսէ. “Եկայք ելցուք ի լեառն Տեառն եւ ի տան Աստուծոյ. եւ անդ շինեսցուք յիշատակ ի Սիոն”:
Ինչ որ ըլլան պարագաները ես կը խորհիմ տակաւին սէրը եւ յարգանքը չէ պակսած հանդէպ Մայր Աթոռին եւ անոր գահակալին: Խաղաղ հաշտութեան գլխաւոր գրաւականն է հարցերը լուծել գործակցաբար եւ անկեղծօրէն սիրոյ մթնոլորտին մէջ, ընդհանուր եկեղեցւոյ շահերէն մղուած միայն, ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ: Զօրացնել Երուսաղէմը, կը նշանակէ կանգուն պահել Ս. Տեղերը:
Լեզուի փոփոխութենէն աւելի կեցուածքի փոփոխութիւնն է հարկաւոր Երուսաղէմի Առաքելական Ս. Աթոռին հանդէպ: Որովհետեւ անոր Առաքելական հեղինակութիւնը ուրիշներ չեն տուած: Այլ զայն տուած է նոյն ինքն Յակոբոս Առաքեալ, որպէս առաջին եպիսկոպոսապետ Երուսաղէմի, եւ Հայ Երուսաղէմը` իր դարաւոր պատմութեամբ եւ սրբազան առաքելութեամբ: Այս բոլորը ըսելէն ետք փաստը մեր առջեւն է: Այլեւս լռելը անընդունելի է:
“Սուրբերը երբէք չդատապարտուեցան լռութեան” կ’ըսէ Բասքալ: Իսկ Դաւիթ Մարգարէն կ’ըսէ. “Անդ անկեալ են Աթոռ դատաստանի”:
Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեան
Միաբան Երուսաղէմի Առաքելական Ս. Աթոռի
- 14:10Ուժեղ մագնիսական փոթորիկ մայիսի 31-ին. վտանգավոր երկրափոթորիկ կհարվածի երկրին
- 14:10Եթե Ադրբեջանի և Հայաստանի միջև կնքվի խաղաղության վերջնական համաձայնագիր, դա դրական ազդեցություն կունենա ողջ տարածաշրջանի վրա․ Թուրքիայի ԱԳ նախարար
- 12:10Ֆիդանը 4 հայկական գյուղերի հանձնման մասին. Թուրքիան լիովին աջակցում է Ադրբեջանին
- 14:10Իրանի և Ռուսաստանի հարաբերություններում փոփոխություն չի լինի․ Լավրով
- 14:10Ուկրաինայի կապիտուլյացիայից հետո Զելենսկին պետք է ձերբակալվի և դատարանի առաջ կանգնի կամ չեզոքացվի՝ որպես ահաբեկիչ․ Մեդվեդև
- 11:10Իրանի նախագահի ուղղաթիռը վթարի է ենթարկվել տեխնիկական անսարքության պատճառով. ԻՐՆԱ
- 12:10«Ոչ ոք չի կարող պառակտում մտցնել Իրանի և Ադրբեջանի միջև»
- 11:00Իրանի նախագահն ու արտաքին գործերի նախարարը մահացել են ուղղաթիռի վթարի հետևանքով
- 13:10Պենտագոնը հրաժարվել է թույլ տալ Ուկրաինային ամերիկյան զենքով հարվածել Ռուսաստանին
- 12:10Լուկաշենկոն, այցելելով իր եղբորը՝ Ալիևին, հիշել է «ձեր ազատագրական պատերազմի» նախորդած ընթրիքն ու իր խորհուրդները
23.05.2025 | 13:05
29.09.2024 | 20:03
09.09.2024 | 12:51
26.06.2024 | 10:01
31.05.2024 | 12:54
31.05.2024 | 12:10
31.05.2024 | 11:10
29.05.2024 | 15:42
29.05.2024 | 12:10
29.05.2024 | 11:17
28.05.2024 | 13:20
28.05.2024 | 13:02
28.05.2024 | 11:17
28.05.2024 | 11:11
28.05.2024 | 10:37
24.05.2024 | 15:10
24.05.2024 | 13:10
24.05.2024 | 12:17
24.05.2024 | 11:29
23.05.2024 | 15:10
23.05.2024 | 14:10
23.05.2024 | 13:10
23.05.2024 | 11:10
22.05.2024 | 15:10
22.05.2024 | 14:10
22.05.2024 | 13:10
22.05.2024 | 12:10
22.05.2024 | 11:10
21.05.2024 | 15:10
21.05.2024 | 14:10
21.05.2024 | 13:10
21.05.2024 | 12:10
21.05.2024 | 11:10
20.05.2024 | 15:10
20.05.2024 | 14:10
20.05.2024 | 13:10
20.05.2024 | 12:10
-
Հասցե` Հայաստան, 0023, Երևան, Արշակունյաց 2
Հեռ: +374 (10) 06 06 23 (413, 414), +374 (99) 53 58 26
Էլ. փոստ` armv12@mail.ru -
2010-2011 © Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Մեջբերումներ անելիս հղումը armversion.com-ին
պարտադիր է: Կայքի հոդվածների մասնակի կամ
ամբողջական հեռուստառադիոընթերցումն
առանց armversion.com-ին հղման արգելվում է: -
Կայքում արտահայտված կարծիքների համընկնումը
խմբագրության տեսակետի հետ պարտադիր չէ:
Գովազդների բովանդակության համար
կայքը պատասխանատվություն չի կրում:
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են: Copyright “Armversion.com” 2010.