1915-ի նահատակ երախտաւորներ
Հետևեալ շարքը կը վերաμերի 1921-ին հիմնուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան μաղկացուցիչ կուսակցութիւն — ներու անդամ կարկառուն դէմքերու կենսագրականներուն, որոնք նահատակուած են 1915-ին: Սոյն կենսագրականները առնուած են ընկեր Արա Ահարոնեանի ՙՌԱԿ-ի Երախտաւորներ՚ շարքէն: Տեղին է նշել, թէ աւելի մեծ հոյլ մը Արմենական Կազմակերպութեան անդամ մարտիկներու, զոհուած էին աւելի կանուխ ` Ցեղասպանութեան նախապատրաստական տարիներուն:
ՏՈՔԹ. ՆԱԶԱՐԷԹ ՏԱՂԱՒԱՐԵԱՆ
(1862 Սեμաստիա-1915 Տիարպեքիր)
Երախտաւոր Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան ծնած էր 1862-ի Դեկտեմμերին` Սեμաստիա, ծնողաց` Նահապետ և Մարիամ Չատըրճեանի յարկին տակ:
Հազիւ 7 տարեկան, ծնողքը զինք կþուղարկեն Պոլիս` ստանա լու իր նախնական ուսումը Ղալաթիոյ Ամենափրկիչ վարժարա նէն ներս, զոր պիտի աւարտէր 1878-ին:
Պատանեկան տարիքին, իր մէջ հետաքրքրութիւն մը ծիլ տուած էր օգտակար հանդիսանալու իր ծննդավայրի երկրագործական աշխատանք -ներուն, ու կþորոշէ մեկնիլ Ֆրանսա մասնագիտա նալու երկրագործական գիտութեան ճիւղին մէջ: Երեք տարի կը հետևի Մերշին Մէօզ կրթական հիմնարկի դասընթացքներուն, ուրկէ կը վկայուի 1881-ին:
Երկու տարուայ համար կը յաճախէ Փարիզի երկրագործական մասնագիտական համալսարանը, ուրկէ մրցանակով կը վկայուի որպէս երկրագործական ճարտարագէտ մասնագիտանա լով և մասնակի ժամանակով հետևելով ծառաμուծական և այգեμանական աշխատանքներուն: Որպէս երկրագործական մասնագէտ 1883-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուրկէ կþորոշէ մեկնիլ Պոլիս աշխատելու Օսմանեան կայսրութեան երկրագործական նախարարութեան մէջ:
Երկար պիտի չմնար Տաղաւարեան այդ պաշտօնին վրայ, որովհետև պիտի վերադառնար Սեμաստիա, ստանձնելու տեղւոյն ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Կարճ ժամանակի մէջ ան ձեռնհասօրէն օգտակար կը հանդիսանայ վարժարանի հաստատման, ինչպէս նաև հիմնելով յատուկ լսարան` իգա կան սեռին զարգացում տալու համար:
Երկրագործութեամμ վկայեալ տնօրէնը պիտի շահէր Սեμաստիոյ շրջանի կուսակալ փաշայի համակրութիւնը, որ պիտի կար գէր զինք երկարգործութեան քննիչ իր շրջանին համար: 1885-ին Տաղաւարեան կը մեկնի Պոլիս, ստանձնելու Պոլսոյ ՙԱրամեան՚ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Առընթեր ան մաս նակից պիտի դառնար պոլսահայ մամուլին, արտագրելով գի տա կան և երկրագործական յօդուածներ: Տաղաւարեան կը հիմ նէ առաջին հայատառ հանդէսը` ՙԳիտական Շարժում՚ անունով, որ μնագիտական հրապարակութիւն մը պիտի դառնար: Տնօրէնութեան այս պաշտօնն ալ Տաղաւարեանը կրթական գործի վրայ պիտի պահէր շուրջ երկու տարի, ու այդ շրջանին վարժարանի մակարդակը նկատելի μարելաւում պիտի արձանագրէր:
1887-ի սկզμնաւորութեան կþորոշէ մեկնիլ Եգիպտոս, Երկրագոր ծական Հայ Ընկերութեան հրաւէրով, ծառայելու և իր ապրուստը հոգալու իր ուսանած մասնագիտութեան մէջ: Շատ երկար պիտի չտևեր իր Եգիպտոս կեցութիւնը, որովհետև քանի մը ամիսներ ետք դարձեալ կþորոշէ մեկնիլ Փարիզ և ուսանիլ հետևելով μժշկութեան:
Փարիզի մէջ կը շարունակէ իր սկսած ՙԳիտական Շարժում՚ ի հրատարակութիւնը, նույն ժամանակ դասաւանդելով գիտա կան դասընթացքներու հետևող աշակերտներու:
Նախնական μժշկական իր մասնագիտութեան համար կը յաճախէ Սորպոնի համալսարանը վկայուելով 1891-ին, որմէ ետք կը հետևի Մանրէաμանութեան` Փասթէօրի հաստատութենէններս, 1893-ին պիտի վկայուէր որպէս μժիշկ ու վերջնականապէս պիտի վերադառնար Պոլիս, ուր ՙԲերա՚ շրջանի ֆրանսական հիւանդանոցէն ներս կþաշխատի որպէս օգնական μժիշկ, μժշկական իր առաջին փորձառութեամμ ծանօթանալով Պոլսոյ շրջանի հայութեան:
Ազգային հասարակական իր գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ պիտի հիմնաւորուէր, երμ ան կը դառնայ Սրμ. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի քննիչը ու ապա դառնալով հոգաμարձու անդամ ՙԲե րա՚ի շրջանի ազգային վարժարաններու, ինչպէս նաև ուսուցիչներու գործունէութիւնը արժևորող վերստուգիչ: Ծանօթազգային դէմք մը դարձած էր կարճ ժամանակի մէջ Տոքթ. Տաղաւարեան ու Համիտեան ջարդերու շրջանին աչքառու պիտի դառնար իր գործունէութիւնը, որուն համար հետապնդումներու և խուզարկումի կþենթարկուի ու քանի մը ամիս արգելափակւած մնալէ ետք ազատ կþարձակուի:
Բժշկական իր ասպարէզէն ներս ունեցած իր յաջողութիւնը, կþառաջնորէ զինք դառնալու μժշկապետը` Եէտի Քուլէի հիւանդանոցին` 1899-ին դառնալով նաև հիւանդանոցի μարեկարգման պատասխանատուն:
1900-ին Պոլսոյ մէջ կը կազմէ իր ընտանեկան μոյնը, որպէս կողակից ընտրելով ծանօթ Հարենց ընտանիքի դուստրը` Արսինէն. անոնք կը μախտաւորուին 4 զաւակներով:
Տոքթ. Տաղաւարեան ազգային և արհեստավարժ պաշտօններուն առընթեր, նաև աշխատասիրութիւններ կը սկսի կատա րել ֆրանսերէն լեզուով` մանաւանդ իր մասնագիտացած մանրէաμանութեան մասին: Իսկ μժշկապետի իր պաշտօնը ԱզգայինՀիւանդանոցին համար դուռը պիտի μանար շատ մը μժշկականուսանողներու փորձառական դասընթացքներուն օժանդակելու:Այդ միտումով ան կը ծրագրէ շաμաթական լսարաններ կազմակերպել ֆրանսական դեսպանատան օժանդակութեամμ և հովանաւորութեան տակ: Պոլսոյ մէջ իր համμաւը նախանձի դուռ պիտի μանար, որովհետև ոչ-հայ ուսանողներու կողմէ ան դարձած էր փնտռուած դասախօս մը:
Այս երևոյթը հաճելի չէր թուեր Օսմանեան այդ օրուայ կառավարութեան համար:
Ոստիկանական հետապնդումներու թիրախ դարձած էր Տաղաւարեան իր μժշկական յաջողութեանց համար, նաև ազգային կարևոր առաջնորդի մը հմայքը վայելելով Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ: Բազմիցս ֆրանսական դեսպանատան միջա մտութիւնները ապարդիւն դարձած էին օսմանեան հետապնդումները կասեցնելու կամ նուազեցնելու:
Տաղաւարեանի համար այս երևոյթը իսկապէս մտահոգիչ դարձած էր. հետևաμար` առաջին հերթին կը յաջողի ընտանիքը տեղափոխել Պուլկարիա, իսկ 1905-ին կþորոշէ վերջնականապէս լքել Պոլիսը ու Ազգային Հիւանդանոցի μժշկապետի պաշտօնը:
ՙԲարեկարգիչ μժիշկ՚ անուանումը տրուած էր իրեն, իր μերած նպաստին համար: Անգամ մը ևս խիստ հալածանքի կþենթարկուի Տոքթ. Տաղաւարեանը, որ Պոլիսէն դուրս չգայ և ձերμակալման հրամանագիր կþարձակուի իրեն համար: Միայն որպէս փախստական ու ֆրանսական հիւանդանոցի մօտ արձանագրուած հիւանդ կարելի պիտի ըլլար փախչիլ Պոլիսէն ու1905-ի ամրան ան պիտի գար մնալու Մարսելիա, ուր, սկզμնապէս, որոշած էր միայն կարճ շրջանի մը համար մնալ: Հոն կըհանդիպի Մկրտիչ Փորթուգալեանին, որ կը շարունակէ հրատարակել իր հիմնած ՙԱրմենիա՚ թերթը:
Տաղաւարեանին կþառաջարկուի իր մասնագիտական նպաստը μերել թերթին իր գիտական յօդուածներով, μայց այդ ծրագիրը հնարաւոր պիտի չըլլար, որովհետև 1905-ի աւարտէն առաջ պիտի միանար իր ընտանիքին ու հաստատուէր Գահիրէ, ուր պիտի շարունակէր իր μժշկական ասպարէզը:
Ազգային, հասարակական ու կրթական գործը առաջնահերթ կը նկատէր եգիպտահայ գաղութին համար: Հարազատներ ու պոլսահայ μարեկամներ արդէն զինք շրջապատած էին Գահիրէի մէջ:
Կարևոր հանդիպումներու շարք մը կþունենայ Տաղաւարեան ՌԱԿ-ի մէկ այլ երախտաւորի հետ` յանձինն Միհրան Տամատեանի, որուն յեղափոխական գործունէութեան մօտէն ծանօթ էր: 1906 Ապրիլ 15-ի ՀԲԸՄիութեան հիմնադրութեան խանդավառութեամμ մաս պիտի կազմէր Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, դառնալով Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենա դպիրը, մինչ նախագահութիւնը վստահուած էր Պօղոս Նուպար Փաշային: Նորակազմ Միութեան գանձապահի պաշտօնը կը ստանձնէ Տաղաւարեանի հետագայ գաղափարի ընկերը ու գործակիցը` Մկրտիչ Անդրանիկեանը, որուն հետ անպիտի մեծ ներդրում ունենար ՙԼուսաμեր՚ թերթի հրատարակութեան մէջ, որուն հիմնադիրն էր այլ երախտաւո ր մը` Վահան Քիւրք ճեանը: ՙԼուսաμեր՚ի շուրջ այդ օրերուն յայտ նի մտաւորականներ համախմμուած էին, ինչպէս Տիգրան Կամսարական և Սու րէն Պարթևեան, իսկ խմμագրութիւնը ստանձնած էր Արփիար Արփիարեանը:
1908-ի Յուլիսին, Երիտթուրքերու կողմէ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կարելի պիտի ըլլար Տաղաւարեա նի համար վերադառնալ Պոլիս` μարեկարգումներու նորերեւոյթի լոյսին տակ, երμ իրեն կը վստահուի Արևմտահայաստանի մէջ կազմել Միութեան մասնաճիւղեր, միաժամանակ ուսում նասիրելու համար նաև կրթական ծրագիրներ մշակելու հնարաւորութիւնը: Մեծ ընդունելութեան պիտի արժանանար Տաղա ւարեան, Ազգային Հիւանդանոցէն ներս, որուն μարեկարգիչը հռչակուած էր: Նաև կþայցելէ Սեμաստիա, որ եղած էր իր ծննդավայրը ու ապա Եվոթկիա, ուր յաճախ գտնուած էր ազգային պաշտօններով: Այս շրջանին պիտի ընտրուէր օսմանեան նոր խորհդարանի երեսփոխան` Սեμասիոյ շրջանէն, առաւելաμար օժանդակելու Օսմանեան պետութեան երկրագործական նախարարութեան: Ազգային իր առաքելութեան հաւատարիմ անկը ստիպուի յաճախակի ճամμորդութիւն կատարել Եգիպտոս, ուր տակաւին ունէր իր ընտանիքը և հարազատները: 1908 Հոկտեմμեր 31-ին Տաղաւարեան կը հանդիսանայ գլխաւոր սատարողներէն Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան հիմնադրութեան` Միհրան Տամատեանի, Միքայէլ Նաթանեանի, Գրիգոր Պէօզիւկեանի, Վահան Թէքէեանի, Բարեգործականի տնօրէն Վահան Մալէզեանի և ՙԼուսաμեր՚ի շուրջ հաւաքուած մտաւորական ու քաղաքական գործիչներու կողքին, որմէ ետք զինք կը գտնենք դարձեալ Պոլիս, շարունակելու Բարեգործականի կողմէ իրեն վստահուած պաշտօնը, ինչպէս նաև նորաստեղծ կուսակցութեան ծրագիրներով` գործակցելով Տիրան Քելեկեանի հետ, որ կեդրոնական դէմք մը դարձած էր պոլսահայ գաղութէն ներս: Տաղաւարեանի երկրագործական գիտելիքները օսմանեան երկրագործական նախարարութեան համար, իրեն պատեհ առիթը ստեղծած էին շրջելու Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջանները μարենորոգումներ ընելու գաւառական ագարակներու համար, ինչպէս նաև մօտէն ճանչնալու հայկական գաղութներու վիճակն ու կենցաղը:
Օսմանեան խորհդարանէն ներս Տաղաւարեան դարձած էր ծանօթ գիտնական մը իր տուած դասախօսական լսարաններուն համար, ըլլան անոնք μժշկական ասպարէզէն ներս կամ երկրագործական նախարարութեան համար, որովհետև իր հետա պընդումները ագարակներու կամ արտավայրերու կապակցու թեամμ իրենց μարեμեր արդիւնքը շնորհած էին օսմանցի գիւղացիին համար: Երեսփոխանական իր պաշտօնին առընթեր ան կþընտրուի 1910-ին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ երկու տարւան համար, իսկ 1911-ին Արևմտահայաստանի և Կիլիկիոյ գրեթէ μոլոր գաւառները կը շրջի Բարեգործականի իր գործակիցին և գաղափարի ընկերոջ` Մկրտիչ Անդրանիկեանի հետ:
ՀԲԸՄութեան անդամագրութեան աշխատանքները տարեվերջէն առաջ արդէն 3500-ի սահմանը անցած էին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, հինգ տարուան կեանք ունեցող Բարեգործականի համար: Յատկանշական կարևոր երևոյթ մընալ Տոքթ. Տաղաւարեանի ծրագրումներուն և իրագործումներուն շարքին կարելի է նկատել` Վանի մէջ Բարեգործականի վարժարանին գոյութիւնը, որուն տնօրէնութիւնը վստահուած էր յայտնի կրթական մշակ Յովսէփ Գույումճեանին: Պոլիս վերադարձին 1912-ի աւարտին ան պիտի դառնար Պոլսոյ փոխ քաղաքապետը, որ այդ օրերուն կարևոր պաշտօն մը կը նկատուէր օսմանեան վարչապետին համար, որուն համակրանքը և վստահու թիւնը շահած էր եզակի երախտաւորը ու կրցած էր հայ գիւղացի երկրագործին համար ստեղծել դրազերծ կենցաղ մը` աւելի μա րեկեցիկ վիճակ մը շնորհելով որոշ գաւառներու համար: 1914-ի սկզμնաւորութեան Տաղաւարեան կþուղղուի դէպի Թիֆլիս, հնա րաւորութիւն որոնելու Բարեգործականի մասնաճիւղեր ստեղ ծելու Վրաստանի տարածքին, իսկ աւելի ուշ նաև կը մեկնի Էջմիածին հանդիպելու Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Հայրապետին, ուր կը պարզէ իր ծրագիրը միութեանական առաքելութեան:
Դժμախտաμար հագրուանային այս ծրագիրը պիտի առկախու էր Համաշխարհային Ա. Պատերազմի պատճառով ու Տաղաւարեան կը ստիպուի վերադառնալ Պոլիս:
Տաղաւարեան գիտակից իր պաշտօնին, կը շարունակէ պետական իր հանգամանքը, առանց որևէ կասկած մը ունենալու, որ օսմանցի թուրքին ծրագրած Եղեռնին զոհը պիտի դառնար: 1915 Ապրիլ 24-ին, Օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխան ներու, ակներև մտաւորականներու, խմμագիրներու և ծանօթ գործիչներու հետ ան պիտի ձերμակալուէր ու անյայտ հեռաց ուէր Պոլսէն:
Որոշ արձանագրութեանց համաձայն, ան նահատակուած է Տիրարպեքիրի մէջ` 1915 Յունիսին:
Արևմտահայութեան և մանաւանդ Բարեգործականի ու իր պատկանած Ռամկավար գաղափարախօսութեան մեծ երախտաւորը` Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Մեծ Եղեռնի զոհըդար ձաւ հազիւ 53 տարեկան հասակին: Իր հարուստ գրադարանը` 1920-ին տիկնոջ` Արսինէի կարգադրութեամμ կարելի եղաւ Պոլիսէն տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութեան Բժշկական Մատենադարանը:
Որպէս μժշկական համալսարանի վկայեալ ու իր μարեկարգումներուն համար, 1902-ին ան ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ստացած է ՙoffkle Dacademe՚ պատուակալ տիտղոսը, իսկ աւելի ուշ ՙMerie Agricol՚ տիտղոսը: Իր μազմաթիւ գիտական աշխատասիրութիւնները կը մնան անտիպ, որոնցմէ շատեր ֆրանսերէն լեզուով գրուած են: Կողակիցը և զաւակները իր նահատակութենէն քանի մը տարի ետք կը հաստատուին Նիւ Եորք:
Երախտաւոր Տաղաւարեանի ընտանեկան հարազատներէն քրոջ թոռնուհին Շաքէ Սեμտորեան-Սիմոնեանը այժմ հաստատւած է Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքը:
- 14:10Հիմա հավատում ենք, որ Հայաստանի հետ միասին քաղաքական ճանապարհով և կարճ ժամանակում կհասնենք բոլոր նպատակներին. Էմիրբեկով
- 14:10Փաշինյանը Շոլցի հետ հեռախոսազրույցում անընդունելի է համարել Պրահայի, Բրյուսելի և Գրանադայի սկզբունքները աղավաղելու ցանկացած փորձ
- 13:10Թքած ունեմ նրանց վրա, ովքեր հրաժարվում են «Միր» քարտի ծառայություններից. Պետդումայի պատգամավոր
- 14:10Ուկրաինան և Ռուսաստանն Աբելն ու Կայենն էին. Լեոնիդ Կուչման` Կիև-Մոսկվա հարաբերությունների մասին
- 15:10Իսրայելի ՊՆ-ն հայտարարել է Իրանի հետ հարաբերություններում «ցանկացած սցենարի» պատրաստ լինելու մասին
- 15:10Ռուսաստանը գրոհել է Ուկրաինան 13 անօդաչու թռչող սարքերով, բոլորը խոցվել են. Ուկրաինական ԶՈւ
- 12:10«Կրոկուս»-ում ահաբեկչության մեջ մեղադրվող անձի հեռախոսում հայտնաբերվել են Ուկրաինայի դրոշով մարդկանց լուսանկարներ
- 12:10«Իրոք, ուզում եմ ծաղրել». Զախարովան՝ Արարատ Միրզոյանի հայտարարության մասին
- 14:10Ահաբեկչությունից տուժածները դիմել են Ռուսաստանի քննչական կոմիտե՝ պահանջելով քրեական գործ հարուցել «Կրոկուս Սիթի Հոլլի» ադրբեջանցի սեփականատերերի նկատմամբ
- 12:10Ադրբեջանը հույս է դնում Թուրքիայից օգնության վրա
01.05.2024 | 15:10
01.05.2024 | 14:10
01.05.2024 | 13:10
01.05.2024 | 11:10
23.04.2024 | 11:42
23.04.2024 | 11:06
13.04.2024 | 13:57
13.04.2024 | 13:26
13.04.2024 | 13:06
13.04.2024 | 12:59
13.04.2024 | 12:28
13.04.2024 | 11:29
12.04.2024 | 14:08
12.04.2024 | 13:56
12.04.2024 | 2:20
10.04.2024 | 15:10
10.04.2024 | 14:10
10.04.2024 | 13:10
10.04.2024 | 12:10
10.04.2024 | 11:10
09.04.2024 | 15:10
09.04.2024 | 14:10
09.04.2024 | 13:10
09.04.2024 | 12:10
09.04.2024 | 11:10
08.04.2024 | 15:10
08.04.2024 | 14:10
08.04.2024 | 13:10
08.04.2024 | 12:10
08.04.2024 | 11:10
06.04.2024 | 14:10
06.04.2024 | 13:10
06.04.2024 | 12:10
06.04.2024 | 11:10
05.04.2024 | 15:10
05.04.2024 | 14:10
05.04.2024 | 13:10
-
Հասցե` Հայաստան, 0023, Երևան, Արշակունյաց 2
Հեռ: +374 (10) 06 06 23 (413, 414), +374 (99) 53 58 26
Էլ. փոստ` armv12@mail.ru -
2010-2011 © Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են:
Մեջբերումներ անելիս հղումը armversion.com-ին
պարտադիր է: Կայքի հոդվածների մասնակի կամ
ամբողջական հեռուստառադիոընթերցումն
առանց armversion.com-ին հղման արգելվում է: -
Կայքում արտահայտված կարծիքների համընկնումը
խմբագրության տեսակետի հետ պարտադիր չէ:
Գովազդների բովանդակության համար
կայքը պատասխանատվություն չի կրում:
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են: Copyright “Armversion.com” 2010.